ՊՈԼԻՍ.- «Էօզկիւր Հապեր» թերթը կը յայտնէ, որ հայ գործարար կիներու պատուիրակութիւն մը այցելած էր Սուրի քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշին եւ շնորհակալութիւն յայտնած՝ քաղաքապետութեան կողմէ ցուցաբերուած բազմակողմանի մշակութային գործունէութեան ու Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նորոգութեան ի նպաստ ցուցաբերուած կեցուածքին համար։
Իսկ քաղաքապետը դիտել տուած էր, որ «հարիւրաւոր տարիներ միասին ապրեցանք նոյն հողերուն վրայ։ Հիմա դարձեալ ձեր պապերուն հողերուն վրայ էք, ձեր պապերը հոս ապրեցան, բարի եկաք ձեր պապերուն հողերը։ Մենք միշտ կ՛ուզենք ձեզ հոս տեսնել։ Մեր մշակոյթները կորսուած չեն։ Մենք կը զօրակցինք ձեր եկեղեցիներուն նորոգութեան. դարձեալ միասնաբար պիտի հնչեն էզանի կանչն ու եկեղեցիին ղօղանջը», ըսած է քաղաքապետ Տեմիրպաշ։
«Տիգրանակերտի մէջ հրատարակուած ուրիշ թերթ մըն ալ՝ «Տիարպեքըր Հապեր», կու տար հայ գործարար կիներուն անունները. անոնք են՝ Կարինէ Ղուկասեան, Գայիանէ Աւագեան, Լիլիթ Աւետիսեան, Ռուզաննա Դանիէլեան: Պատուիրակութեան մէջ կային նաեւ այրեր, որոնց անուններն էին՝ Աշոտ Կուտսուզեան եւ Կամօ Մայիլեան։ Գործարար կիները քաղաքապետին շնորհակալութիւն յայտնեցին՝ փողոցը դրուած որմնազդներուն վրայ հայերէն տառերով գրուած «Բարի եկաք ձեր տունը» նախադասութեան համար. անոնք հայերէն գիրքեր ու «պրոշիւր»ներ նուիրեցին քաղաքապետին», կը գրէ «Մարմարա» օրաթերթը։