
Քրիստոնեայ եկեղեցին հաստատուած է խաղաղութեան վրայ, խաղաղութիւնը հիմնական տարրն է եկեղեցւոյ առաքելութեան, որովհետեւ Յիսուս ըսաւ, որ ինք է խաղաղութիւնը, կեանքի ու խաղաղութեան պարգեւիչը։ Խաղաղութիւնը մարդուն տրուած Աստուծոյ պարգեւն է, իսկ խաղաղութեան խափանումը մեղանչում է, յայտարարեց Արամ Ա. կաթողիկոս, միջեկեղեցական արարողութեան մը ընթացքին, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19ին, միաժամանակ շեշտելով, որ քրիստոնեայ եկեղեցիները դարերէ ի վեր մաս կազմած են Միջին Արեւելքին ու անոր մշակոյթին, անոնք պէտք է միասնական կերպով ու գործնապէս մասնակից ըլլան շրջանի ժողովրդավարական համակարգին։
Վեհափառը կը խօսէր ղըպտի ուղղափառ համայնքի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Աթանաս եկեղեցւոյ մէջ միջեկեղեցական արարողութեան մը ընթացքին, որ հրաւիրուած էր հիւրընկալ համայնքին կողմէ, ի պատիւ վեհափառին։ Քրիստոնեայ տարբեր եկեղեցիներ մէկտեղող հոգեւորականներու համախմբումը եղաւ գործնական մէկ արտայայտութիւնը՝ միջեկեղեցական յարաբերութեանց մէջ վեհափառի տասնամեակներու առաջնորդողի դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը քաջալերողի կեցուածքին։
Վեհափառը Նորթրիճի մէջ գտնուող եկեղեցին հասաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ընկերակցութեամբ եւ դիմաւորուեցաւ հոգեւորականաց դասերու կողմէ։ Ներկայ էին հիւրընկալ եկեղեցւոյ առաջնորդ Սրաբիոն եպիսկոպոսը, Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Եուճին Քափլան արքեպիսկոպոսը, Անտիոքի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ժոզէֆ Զահլաուի եպիսկոպոսը, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Ալեքսի Սմիթ վարդապետը, Հայ աւետարանական միութեան հովիւ վեր. Յովսէփ Մաթոսեանը, Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Գրիգոր վրդ. Շահինեան, եւ յիշեալ եկեղեցիներու հոգեւորականաց դասերու անդամներ։ Վեհափառին ու առաջնորդին կողքին էին Եփրեմ արք. Թապագեան:
ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՂՕԹՔ
Վեհափառն ու հոգեւորականներ եկեղեցի մուտք գործեցին «Հրաշափառ»ով։ Աղօթքի պահուն, իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ-առաջնորդը իր լեզուով կատարեց աղօթք մը, ապա տեղի ունեցաւ աստուածաշնչական ընթերցում։
Ողջոյնի ու սրտի խօսքեր արտասանեցին Սրաբիոն եպիսկոպոս, Քափլան արքեպիսկոպոս եւ Զահլաուի եպիսկոպոս։ Անոնք անդրադարձան Միջին Արեւելքի կացութեան, նորագոյն զարգացումներուն ու յատկապէս Եգիպտոսի մէջ արձանագրուած մտահոգիչ իրադարձութեանց, մաղթելով, որ խաղաղութիւնը դարձեալ տիրապետէ շրջանին։ Սրաբիոն եպիսկոպոս վեհափառին փոխանցեց Ղըպտի եկեղեցւոյ հովուապետ Շնուտա Գ. պապին ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները։
Առաջնորդը, հակիրճ կերպով անդրադառնալով այս այցելութեան ու միացեալ արարողութեան պատմական իմաստին՝ հրաւիրեց վեհափառը, որպէսզի ուղղէ իր պատգամը։
«ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱԺՆԵԼ ՇՐæԱՊԱՏԻՆ»
Վեհափառը առաջին հերթին ողջունեց ներկաները եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Սրաբիոն եպիսկոպոսին մասին, որուն ծանօթ է տարիներէ ի վեր։ Նորին Ս. օծութիւնը դրուատեց ղըպտի առաջնորդին բազմամեայ ծառայութիւնները՝ միջեկեղեցական աշխատանքներու ծիրին մէջ, սկսելով Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ամերիկայի այս ափը։
Շեշտելէ ետք քրիստոնեայ եկեղեցւոյ, հաւատացեալներուն ու ամբողջ մարդկութեան համար խաղաղութեան կենսական նշանակութիւնը, վեհափառը ընդգծեց, որ քրիստոնեայ եկեղեցին հաստատուած է խաղաղութեան վրայ, խաղաղութիւնը կը կազմէ եկեղեցւոյ սիրտը եւ առաքելութեան հիմնական գիծը։ «Մարդս պէտք է հնազանդութեամբ ընդունի Աստուծոյ այս պարգեւը, պէտք չէ բաւականանայ զայն միայն կրաւորական կերպով ընդունելով, այլ անոր բաժնեկից պէտք է դարձնէ իր շրջապատը», պատգամեց ան ու ընդգծեց, որ քրիստոնեաները խաղաղութեան առաքեալներ են ու պէտք է մնան: Անոնք հաւատքով, հարուստ փորձառութեամբ եւ յոյսով պիտի պահպանեն Միջին Արեւելքի մէջ իրենց ինքնութիւնը, որովհետեւ արմատաւորուած են աշխարհի այդ շրջանին մէջ, մաս կը կազմեն անոր դարաւոր մշակոյթին, ու այս յատկանիշները պիտի պահպանեն խաղաղութեամբ, դէմ ըլլալով վայրագութեան։ Խաղաղութեան հետեւորդ ըլլալ՝ չի նշանակեր լճացում ու մեկուսացում, այլ անոնք պիտի պահպանեն իրենց իրաւունքները, տէր պիտի ըլլան իրենց պարտականութեանց ու պիտի մասնակցին ժողովրդավարութեան զարգացումին։ Հայոց հայրապետը կոչ ուղղեց զարգացնելու եւ ամրապնդելու միջեկեղեցական գործակցութիւնը։
Արարողութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։ Այնուհետեւ, ներկաները ճաշով հիւրասիրուեցան Ղըպտի եկեղեցւոյ կողմէ։