ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Հոկտեմբեր 26ին ընդունած է Հայ կրթական հիմնարկութեան պատուիրակութիւնը՝ կազմակերպութեան ղեկավար Վահիկ Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հանրապետութեան մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման հետ կապուած հարցեր:
Նախագահը բարձր գնահատած է Հայ կրթական հիմնարկութեան հայրենանուէր գործունէութիւնը Արցախի մէջ, յատկապէս կրթութեան ոլորտին մէջ, զայն համարելով կարեւոր մեր ժողովուրդին համար:
Հանդիպման մասնակցած է ԼՂՀ կրթութեան նախարար Վլադիկ Խաչատրեան: