ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 9ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի նուիրուած քննարկում մը՝ կազմակերպութեամբ Արցախի զարգացման խմբակին, նպատակ ունենալով լուսարձակի տակ առնել Արցախի տնտեսական, պատմական, քաղաքական եւ մշակութային հարցերը:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութենէն Արմինէ Ալեքսանեան շեշտը դրաւ Արցախի զարգացման մշակութային երեսին վրայ՝ շեշտելով Խորհրդային Միութեան եւ Ատրպէյճանի իշխանութեանց կողմէ քանդուած մշակութային, կրօնական եւ կրթական մարզերուն պատճառած վնասները դարմանելու կարեւորութիւնը:
Արցախէն այլ ներկայացուցիչ մը՝ Ռոպերթ Աւետիսեան, քննարկումին ընթացքին իր ձայնը միացուց խորհրդակցութեանց մասնակցող տնտեսագէտներուն, քաղաքագէտներուն եւ պատմագէտներուն՝ շեշտելով Արցախին ամբողջ ազգով օժանդակելու կարեւորութիւնը, միաժամանակ ներկայացնելով հանրապետութենէն ներս ցարդ արձանագրուած իրագործումները:
Արցախի զարգացման նպաստելու համար, դիմել Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան, info@nkrusa.org հասցէով: