
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Լոս Անճելըս Թայմզ» կը հաղորդէ, որ Հոկտեմբեր 10ին մահացած է ամերիկեան շարժապատկերի եւ թատրոնի աստղերու հագուստները ձեւաւորող Ռէյ Աղաճանեանը: Ան 83 տարեկան էր:
Աղաճանեան զաւակն էր յայտնի Թեհրանահայ դերձակի մը եւ կանուխ տարիքին պատրաստած է Իրանի շահի կնկան՝ Ֆաուզիա թագուհիին, հագուստները, նախքան Միացեալ Նահանգներ գաղթելը: Ան հագուստներ պատրաստած է Ճուտի Կարլընտի, Պարպարա Սթրայսենտի, Տայանա Ռոսի նման աստղերու, ինչպէս նաեւ 1984ի Ողիմպիական խաղերու բացման եւ փակման արարողութեան տարազները:
1967ին, ան տիրացած է «Էմի» մրցանակին եւ տարբեր առիթներով թեկնածու եղած է «Օսքար» եւ «Թոնի» մրցանակներուն, ինչպէս նաեւ պատրաստած է «Օսքար»ի մրցանակաբաշխութեան աւելի քան 10 արարողութեանց տարազները: