
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուցած իր այս տարուան «Երիտասարդական ջոկատներ» ծրագիրին մասնակցած երիտասարդները, Ստեփանակերտի մէջ ՀՅԴ երիտասարդական կեդրոնը այցելելով՝ նկատած էին, որ կեդրոնը համակարգիչներ չունի իր տրամադրութեան տակ:
Միացեալ Նահանգներ վերադառնալէ ետք, աշխատանք տարուած է այս կացութիւնը դարմանելու համար: Որոշուած է Օգոստոսին կայացած ՀԵԴի շրջանաւարտներու հաւաքին հասոյթը տրամադրել այս նպատակին, ու կարելի եղած է ապահովել երեք համակարգիչներ, որոնք վերջերս արդէն իսկ հասած են Ստեփանակերտ ու կ՛օգտագործուին տեղւոյն Երիտասարդական կեդրոնին կողմէ, ցոյց տալով, որ ՀԵԴ Երիտասարդական ջոկատներու մասնակիցները իրենց աշխատանքները չեն սահմանափակեր Արցախի եւ Հայաստանի մէջ վեց շաբաթներ կամաւոր աշխատանք տանելով, այլ զայն կը շարունակեն՝ առաւելագոյնս օգտակար հանդիսանալու համար հայրենքի երիտասարդութեան: