
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ «Հայկազեան» համալսարանին, գիտաշխատող դոկտ. Գնէլ Դուրեան Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբերի երեկոյեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ ուժանիւթի այլընտրանքային աղբիւրներ ստեղծելու ծրագիրը:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ, ան սահիկներու եւ «power point»ի նկարներու ցուցադրութեամբ խօսեցաւ յառաջիկայ տասնամեակին Հայաստանի ուժանիւթային այլընտրանքային կարելիութիւններու օգտագործման ծրագիրին մասին:
Ըստ իր պատրաստած տասնամեայ ծրագիրին (2010-2020), դոկտ. Դուրեան կը յուսայ, որ 2020ին կարելի ըլլայ Հայաստանի ուժանիւթի այլընտրանքի հիմնական կարելիութիւններէն՝ վերանորոգուող ուժանիւթի օգտագործումը, 17էն 20 առ հարիւր տարողութեան հասցնել:
Քայլ առ քայլ թուելով իր ծրագիրին հանգրուանները՝ դոկտ. Դուրեան կեդրոնացաւ Հայաստանի վերանորոգուող ուժանիւթի հիմնական տուեալներուն՝ ջուրին, արեւուն եւ քամիին վրայ, որոնցմով հարուստ է Հայաստան:
Ապա դոկտ. Դուրեան թուեց Հայաստանի մէջ ծրագրուող հազար մէկաուաթ տարողութեամբ ուժանիւթի կայանի հիմնումի առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները: Վեց միլիառ տոլար պիւտճէ պահանջող նշեալ ծրագիրին հիմնական ջատագովն է Ռուսիան, որ 30 առ հարիւրով պիտի մասնակցի անոր ֆինանսաւորման: Այս ծրագիրը կը միտի փոխարինել Մեծամորի հիւլէական կայանը, որ 2017ին պէտք է փակուի «տարիքը առած» ըլլալուն պատճառով: Հիւլէական նման կայանի մը հիմնումը, ելեկտրական հոսանքի կողքին, առիթ պիտի տայ նաեւ երթեւեկի միջոցներու օգտագործման՝ ծուխ եւ հոտ չարձակող ինքնաշարժներ գործի լծելով:
Միւս կողմէ, սակայն, ան կրնայ մեծապէս վտանգաւոր դառնալ, եթէ նկատի ունենանք տխրահռչակ երկրաշարժներու կրկնութեան հաւանականութիւնը, ինչ որ աղէտաբեր հետեւանքներ պիտի ունենայ Հայաստանի վրայ:
Գիտական իր հետազօտութեանց ներկայացման կողքին, դոկտ. Դուրեան չծածկեց իր մտահոգութիւնը Հայաստանէն երիտասարդ տարրերու, յատկապէս՝ «ուղեղներու» արտագաղթին եւ երկրին մէջ անգործութեան գծով: Ըստ Դուրեանի, նման ծրագիրներու որդեգրումն ու կիրարկումը աշխատանքի զգալի առիթներ կրնայ բանալ հայրենի երիտասարդութեան դիմաց: