ՎԱՆՔՈՒՎԸՐ, «Հորիզոն».- Շաբաթ, 8 Հոկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեան այցելեց Վանքուվըրի ՀՕՄի «Արազ» շաբաթօրեայ վարժարանը եւ հանդիպում մը ունեցաւ ուսուցչական կազմին ու աշակերտներուն հետ. ընթացքին աշակերտները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին՝ երգեր եւ արտասանութիւններ հրամցնելով հիւրերուն։
Նոյն օրը, երեկոյեան, Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Վանքուվըրի յանձնախումբը հրաւիրած էր վանքուվըրահայ գաղութը՝ տօնախմբելու Հայաստանի անկախութեան 20րդ տարեդարձը, Վանքուվըրի Հայ կեդրոնի «Լազարեան» սրահին մէջ:
Օրուան հանդիսավարն էր ՀՅԴ Վանքուվըրի «Ս. Վրացեան» կոմիտէի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան։ Հայաստանի եւ Գանատայի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի իրագործած զանազան աշխատանքներուն մասին, որոնք իրագործուած են թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի մէջ: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ «Հայաստան» հիմնադրամի Վանքուվըրի յանձնախումբի ատենապետ Գօգօ Եաշճեան, որ բացատրութիւններ տուաւ Վանքուվըրի յանձնախումբին բերած օժանդակութեանց մասին։
Ապա Յակոբ Տէր Յակոբեան գաղութին ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեանը, որմէ ետք դեսպանը փոխանցեց իր պատգամը ու շնորհաւորեց բոլորը Հայաստանի անկախութեան կապակցութեամբ։
Դեսպանին խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ խրախճանք մը, որուն ընթացքին եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: