ՄՈՍԿՈՒԱ, «Նիուզ».- Ռուսիոյ կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան տեղեկութիւններով, ԱՊՀ երկիրները՝ Ռուսիա, Ուքրանիա, Պելոռուս, Ղազախստան, Հայաստան, Ղրղզստան, Մոլտովա, Տաճիկիստան, Ատրպէյճան, Թիւրքմէնիստան եւ Իւզպեքիստան, պայմանաւորուած են ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման շուրջ:
Ստորագրուած փաստաթուղթը կը նախատեսէ շարք մը ապրանքներու արտածման եւ ներմուծման մաքսատուրքերու վերացում: Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի համաձայն, իբրեւ արդիւնք պիտի նուազին նշեալ ապրանքատեսակներուն գիները: