
ԱԽԱԼՑԽԱ.- Ախալցխայի մէջ գործող նախկին դարմանատան շէնքի փուլ գալու հետեւանքով քանի մը անձ տուժած է: Ըստ apsny.ge-ի, մարդ մը մնացած է փլատակներու տակ եւ կարելի չէ եղած անոր հետ կապ հաստատել:
Դարմանատան նախկին շէնքը արդէն չի գործեր քանի մը շաբաթէ ի վեր: Անիկա փլած է, երբ կը տարուէին զայն վերացնելու աշխատանքներ: Տուժածները շինարար բանուորներ են, որոնք տեղափոխուած են քաղաքային հիւանդանոց: