
ԱՐԱՐԱՏ, «Նիուզ».- Արարատ քաղաքին մէջ Սեպտեմբեր 6ին իր անչափահաս երեխաները սպաննած Ռոզա Ալոյեան անմեղսունակ ճանչցուած է: Հայաստանի ոստիկանութեան լրատուական ծառայութեան աշխատակից Սեւակ Միլիտոնեան, Հոկտեմբեր 20ին յայտնեց, թէ դատահոգեբուժական եւ դատահոգեբանական յանձնաժողովը տուած է եզրակացութիւն մը, ըստ որուն, Ռոզա Ալոյեան պէտք է անմեղսունակ ճանչցուի իր արարքին համար:
«Ռոզա Ալոյեանը տառապում է շիզոֆրենիա-փարանոյտ ցնորուած զառանցանքային համախտանիշ հոգեկան հիւանդութենէ: Այս պահին նախաքննական մարմինը կը յարուցի բժշկական բնոյթի հարկադրանքի միջոցներ կիրառելու վարոյթ եւ գործը կ՛ուղղարկի դատարան», նշեց Միլիտոնեան: Դատարանը ուստի վճիռ պիտի կայացնէ, որ Ռոզա Ալոյեան պահուի հոգեբուժարանի մէջ:
Ռոզա Ալոյեան նախապէս Նուպարաշէնի հոգեբուժարանին մէջ անձնասպանութեան փորձ մը կատարած էր, սակայն բժիշկները յաջողած էին փրկել անոր կեանքը: Ան ներկայիս կը գտնուի բժիշկներու խիստ վերահսկողութեան տակ:
Նշենք, որ Արարատի մարզի 34ամեայ բնակչուհի Ռոզա Ալոյեան, Սեպտեմբեր 6ին, կախելով սպաննած էր իր երեխաները՝ 6ամեայ Վարդան եւ 4ամեայ Հայկ Ալոյեանները:
Նախաքննութեամբ պարզուած էր, որ Ռոզա Ալոյեան, Սեպտեմբեր 6ի առաւօտեան, երեխաներուն հետ գացած էր խանութ, առեւտուր ըրած, ապա վերադարձած տուն եւ կերակրած զանոնք: Մօր ներկայացուցած պատճառաբանութեամբ, միայնակ զգալով եւ իր կեանքը համարելով աւարտած՝ ան որոշած է խեղդամահ ընել երեխաները, ապա վերջ տալ նաեւ իր կեանքին:
Այդ պատճառով ալ, նոյն օրը ժամը 12ի սահմաններուն, ան կախած է իր երկու որդիները, ապա փորձած է վերջ տալ նաեւ իր կեանքին, սակայն չէ կատարած իր մտադրութիւնը եւ հեռացած է տունէն։ Հարեւաններուն ահազանգով ժամանած ոստիկանները յայտնաբերած են երեխաներուն անշնչացած մարմինները, ապա ձերբակալած Ռոզա Ալոյեանը: