ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Նոյեմբեր 20ին, կ.ե. ժամը 4ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ (222 East Harvard Street) տեղի պիտի ունենայ Լէոնարդօ Ալիշանի գրականութեան նուիրուած երեկոյ մը՝ մասնակցութեամբ Գուրգէն Արզումանեանի, Ռուբինա Փիրումեանի եւ Արա Օշականի:
«Ալիշանը տարօրինակ զուգահեռների եւ անսպասելի համեմատութիւնների վարպետ է, որ յաճախ մերժում ապացուցուածը եւ ապացուցում է մերժուածը», գրած է Գուրգէն Արզումանեան, որուն խմբագրութեամբ վերջերս լոյս տեսած էր Ալիշանի կարճ պատմուածքներու հաւաքածոն:
Դասախօսութիւնները պիտի ըլլան հայերէնով եւ անգլերէնով: Պիտի ներկայացուին նաեւ Ալիշանի լուսանկարները եւ հարցազրոյցներէն հատուածներ:
Գրադարանի այցելուները, որոնք իրենց ինքնաշարժները կը պահեն գրադարանին մօտ գտնուող «Մարքեթ Փլէյս» կանգառին մէջ, մուտքի գրասեղանի մօտ կրնան ստանալ ինքնաշարժը ձրիաբար հոն պահելու արտօնութիւն: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէին կամ (818) 548-3288 թիւին: