ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երեքշաբթի, 18 Հոկտեմբերին հաղորդուեցաւ, որ Նիւ Եորքէն Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին վերադառնալու ճամբուն վրայ, Փարիզի մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. հանդիպում մը ունեցած է զուիցերիահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Գարեգին Բ. կաթողիկոս ընդունած է իրեն ներկայացուած 2 Հոկտեմբեր թուակիր Ընդհանուր անդամական ժողովին որոշումը՝ լուծելու Զուիցերիոյ Հայոց եկեղեցւոյ խորհուրդը, որ անհնազանդութիւն դրսեւորած էր Մայր աթոռին դէմ:
Յանձնարարուած է Ժընեւի եւ Լեման շրջանի նորակազմ ծուխի ատենապետ Արտէն Շէլլէֆեանին, Զուիցերիոյ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ խորհուրդի պետ Դանիէլ Փափազեանին ու առաջնորդական տեղապահ Մեսրոպ վրդ. Պարսամեանին, որ ձեռնամուխ ըլլան պատարագներու վերսկսման, Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։