
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծն Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին, Կիրակի, 16 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7ին, Հայ կաթողիկէ միութեան «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի երգչուհի Մարինէ Գրիգորեանի համերգը:
Հանդիսութեան բացման խօսքը «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին անունով արտասանեց Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան, որ ըսաւ, թէ Գրիգորեան Լենինականի դժուար պայմանները յաղթահարելով՝ ոտքի կանգնած է եւ մասնագիտացած:
Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան նշեց, որ «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնը միշտ ալ քաջալեր հանդիսացած է երիտասարդներուն եւ արուեստի զարգացման: Ապա ելոյթ ունեցաւ Մարինէ Գրիգորեան, որուն դաշնակի վրայ ընկերակցեցաւ Թամար Գասապեան: Առաջին բաժինով Գրիգորեան երգեց Կաչինիի «Աւէ Մարիա»ն, Փուչինիի «Արի տի Մուզեթթա»ն, Սթրատելլայի «Փիեթթա Սինիորէ»ն, Օպրատոսի «Էլ Վիթօ»ն եւ այլ ստեղծագործութիւններ:
Իսկ երկրորդ մասով, ան մեներգեց Այվազեանի «Քարաւան»ը, Կանաչեանի «Օրօր»ը, Մաւիսագալեանի «Կապոյտ Մանուշակ»ը, Երանեանի «Կիլիկիա»ն եւ Կոմիտասէն տասը ստեղծագործութիւններ, ինչպէս՝ «Ալաքեազ»ը, «Խնկի ծառ»ը եւ «Կռունկ»ը:
Մարինէ Գրիգորեանի իւրայատուկ եւ բարձրորակ համերգաշարին վերջին երգն էր «Կիլիկիա»ն, որուն երգեցողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ներկաները: Ելոյթին ընթացքին Գրիգորեան արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին եւ ծափահարութիւններուն:
Համերգը փակուեցաւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքի «Պահպանի»չով: