ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարած է, որ Թեհրան պատրաստ է Ուաշինկթընի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանի ահաբեկման ծրագիրին վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու ամբաստանութիւնները քննելու։ Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրան Միացեալ Նահանգներէն պահանջած է այս մասին հարկաւոր տեղեկութիւններ տրամադրել, Իրանի մէջ Միացեալ Նահանգներուն շահերը հոգացող Զուիցերիոյ դեսպանատան ճամբով:
Միւս կողմէ, թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յատուկ պատուիրակութիւն ուղարկած է Թուրքիա, համոզելու համար Անգարան, որ միանայ հակաիրանեան ճակատին։