ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Տնտեսական սեղմումներուն, ընկերային անարդարութեանց եւ դրամատուներու սանձարձակ գործելաոճին դէմ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան անցնող շաբաթավերջին, 80 երկիրներու մօտաւորապէս 950 քաղաքներու մէջ:
Մինչ ամերիկեան ոստիկանութիւնը Շիքակոյի, Սաքրամենթոյի եւ Ֆինիքսի մէջ հարիւրաւոր ցուցարարներ ձերբակալեց, Հռոմի մէջ ոստիկանութեան հետ բախումները 70 վիրաւոր պատճառեցին։ Իտալիոյ մայրաքաղաքին մէջ դիմակաւոր ցուցարարներ ինքնաշարժներ հրկիզեցին եւ դրամատուներու պատուհանները կոտրեցին։ Շուրջ 20 ցուցարարներ ձերբակալուեցան եւ բռնարարքներով ամբաստանուեցան։ Վատիկանի բանբերը յայտնեց, որ 18րդ դարու Սանթի Մարչելինօ եւ Փիեթրօ եկեղեցին ցուցարարներուն կողմէ սրբապղծուած է, երբ Ս. Աստուածածնայ մէկ արձանը դուրս բերուած ու փշրուած է։
Ամերիկայի մէջ ցոյցերը մէկ ամիս առաջ ընթացք առին Նիւ Եորքի մէջ «Գրաւէ՛ Ուոլ Սթրիթը» նշանաբանին տակ. անցած Շաբաթ օր Նիւ Եորքի «Թայմզ» հրապարակին մէջ 70 ցուցարարներ ձերբակալուեցան։
Լոնտոնի մէջ շուրջ 250 ցուցարարներ Ս. Պօղոս տաճառին առջեւ վրաններ լարեցին եւ խոստացան Նիւ Եորքի ցոյցերուն օրինակին հետեւելով՝ անժամկէտ կերպով այդտեղ մնալ։ Ցուցարար մը յայտնեց. «Մենք իսկական ժողովրդավարութիւն կ՛ուզենք եւ ոչ թէ առեւտուրի եւ դրամատնային համակարգին կողմէ թելադրուած ժողովրդավարութիւն մը»։
Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Լոս Անճելըսի, Լոնկ Պիչի, Փիցպըրկի եւ ամերիկեան այլ քաղաքներու մէջ։ Աշխարհի տարածքին մեծ ցոյցեր տեղի ունեցան Մատրիտի, Լիզպոնի, Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի, Թորոնթոյի, Հալիֆաքսի, Վանքուվըրի, ինչպէս նաեւ Մեքսիքոյի, Փերուի, Չիլիի, Ֆիլիփինի, Նիւ Զելանտայի, Ճափոնի, Աւստրալիոյ շարք մը քաղաքներուն եւ Հոնկ Քոնկի մէջ։
Ըստ անցեալ շաբաթ կատարուած հարցախոյզի մը, «Գրաւէ՛ Ուոլ Սթրիթը» շարժումին ի նպաստ արտայայտուած է ամերիկացիներուն 54 տոկոսը, իսկ անոր դէմ՝ 23 տոկոսը: Սակայն, 56 տոկոսը ունի այն համոզումը, թէ արշաւը յատկանշական փոփոխութիւն պիտի չբերէ: