ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ կառավարութիւնը Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17ին վերապահութիւն յայտնեց Կիրակի օրուան Արաբական լիկայէն կատարուած այն առաջարկին նկատմամբ, թէ 15 օրէն Սուրիոյ իշխանութիւնները եւ ընդդիմութիւնը երկխօսութեան պէտք է սկսին Գահիրէի մէջ:
Յայտնենք, թէ Արաբական լիկայի կարգ մը անդամներ Կիրակի օր ձախողութեան մատնած էին Ծոցի արաբական երկիրներուն կողմէ առաջ մղուած այն առաջարկը, թէ Սուրիոյ անդամակցութիւնը պէտք է սառեցուի: