ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հոկտեմբեր 17ի հրամանագրով՝ Վիգէն Սարգսեան ազատուած է

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալի պաշտօնէն եւ նշանակուած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար:
Նախագահը Երկուշաբթի օր, աշխատակազմին ներկայացուցած է նոր ղեկավարը: Վիգէն Ալեքսանդրի Սարգսեան ծնած է 1975 Մայիս 10ին, Երեւանի մէջ, բժիշկներու ընտանիքի մէջ: Ան Երեւանի Պետական Համալսարանը աւարտելէ ետք յաճախած է նաեւ Թաֆթս համալսարանի Իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան Ֆլեչըր դպրոցը: