ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Հոկտեմբեր 16ին, գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան առթիւ այցելած է Հիւսիսային պողոտայ, ուր տօնին առնչութեամբ կազմակերպուած էր գիւղատնտեսական ապրանքներու տօնավաճառ-համտես:
Ըստ ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, վարչապետը ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեանի ուղեկցութեամբ շրջած է Արցախի գիւղացիական տնտեսութիւններու եւ վերամշակող կազմակերպութիւններու տաղաւարները, ու ծանօթացած վերջիններուս ներկայացուցած գիւղատնտեսական արտադրանքին:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Տիգրան Սարգսեան նշած է, որ նման միջոցառումներու իրականացումով, կառավարութիւնը նպատակ ունի քաղաքացիները ծանօթացնել տեղական արտադրանքին, որպէսզի անոնք այսուհետեւ նախապատուութիւնը տան հայկական գիւղատնտեսական որակեալ ապրանքներու: «Այստեղ այսօր համայնքներուն միջեւ տիրում է առողջ մրցակցութիւն՝ տօնավաճառ այցելած քաղաքացիներին լաւագոյնս հիւրասիրելու առումով: Ցանկանում ենք, որպէսզի ողջ հանրապետութիւնում լինի տօնական տրամադրութիւն եւ կարծես թէ դա ստացուել է: Մեր նպատակն է գիւղացիների համար ստեղծել հնարաւորութիւն՝ առանց միջնորդների իրենց ապրանքները Շաբաթ եւ Կիրակի օրերին Երեւանում վաճառելու համար», ըսած է Տիգրան Սարգսեան, շնորհաւորելով բոլորը այդ օրուան առթիւ:
ՀՀ կառավարութեան որոշմուով, այսուհետեւ, իւրաքանչիւր տարի, Հոկտեմբերի երրորդ Կիրակին պիտի նշուի իբրեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան աշխատողի օր»: Այդ առնչութեամբ, մայրաքաղաքի եւ Հայաստանի մարզերուն մէջ պիտի իրականացուին տարբեր միջոցառումներ՝ տօնավաճառներ, ցուցահանդէսներ եւ այլն: