ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Այս տարի նշուող Գարեգին Նժդեհի 125ամեակին եւ Լեռնահայաստանի անկախութեան 90ամեակին առիթով, ուխտագնացութիւն մը պիտի իրականացուի Հոկտեմբեր 22-23ին:
Երկօրեայ ուխտագնացութեան ընթացքին կը նախատեսուի այցելել Վայոց Ձորի Սպիտակաւոր եկեղեցին, ուր թաղուած է Գարեգին Նժդեհ, Սիւնիքի մարզին մէջ գտնուող Տաթեւի վանքը, ուր 90 տարի առաջ հռչակուեցաւ Լեռնահայաստանի անկախութիւնը, եւ Խուստուփ լեռը, որուն լանջին այժմ հանգրուանած է մեծ զօրավարին աճիւնը: Կը նախատեսուի նաեւ մոմավառութիւն՝ Նժդեհի Կապան գտնուող յուշահամալիրին մէջ: