
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Համազգային Մշակութային եւ Կրթական ընկերակցութեան Պէյրութի գրասենեակէն «Ասպարէզ»ին ուղարկուած մահազդը կը գուժէ մահը Մելանթոն Արսլանեան Ճեմարանի գլխաւոր բարերարներէն Հայկ Արսլանեանի:
Պելճիքա բնակող Արսլանեան մահացած է անցեալ Կիրակի, 16 Հոկտեմբերին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան: Ազգային բարերարի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 22 Հոկտեմբերին Անվերսի մէջ (Պելճիքա):