ՊՈՍԹԸՆ.- Յայտնի թաւջութակահար, Չայքովսկիի անուան միջազգային 14րդ մրցոյթի յաղթող Նարեկ Հախնազարեան պիտի մասնակցի Պոսթընի քամերային երաժշտութեան նուագախումբի 2011-2012ի համերգաշրջանի բացման:
Նարեկ Հախնազարեան ծնած է 1988ին, Երեւան: Աւարտած է Մոսկուայի պետական երաժշտանոցը եւ կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին դարձած է միջազգային համբաւ վայելող երաժիշտ:
«Ուաշինկթըն Փոս»չ թերթը զայն անուանած է «ֆենոմենըլ» թաւջութակահար: Հախնազարեան մասնակցած է միջազգային բազմաթիւ մրցոյթներու եւ արժանացած բարձր գնահատանքի: Ան ելոյթներ ունեցած է ԱՄՆի (Լոս Անճելըս, Պոսթըն, Նիւ Եորք, Ֆլորիտա), ինչպէս նաեւ Թոքիոյի, Լոնտոնի, Փարիզի, Վիեննայի, Մոսկուայի, Երեւանի եւ աշխարհի այլ մայրաքաղաքներու մէջ: Այժմ Հախնազարեան Փասատինայի սիմֆոնիք նուագախումբի մենակատարն է: