ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Թերթ».- Իբրեւ Գլխաւոր համաժողովի ու Անվտանգութեան խորհուրդի պաշտօնական գրութիւններ, երէկ ՄԱԿի մէջ տարածուած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) յայտարարութիւնը՝ ԼՂի Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն վերաբերեալ:
Յայտարարութիւնը տարածելու խնդրանքով կազմակերպութեան Գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունին նախապէս գրաւոր ձեւով դիմած էր ՄԱԿի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ-դեսպան Կարէն Նազարեան, նշելով, որ ինքնակառավարման մարմիններուն գոյութիւնը բացարձակ անհրաժեշտութիւն է որեւէ հասարակութեան, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար: Ան ընդգծած է, որ արդէն 5րդ անգամ իրականացած ընտրութիւնները Ղարաբաղի մէջ վերածուած են ժողովրդավարական գործընթացի, որ, ցաւօք, տակաւին անընդունելի է Ատրպէյճանի համար, քանի որ այդ երկիրին մէջ, ի տարբերութիւն Լեռնային Ղարաբաղի, ՏԻՄ ղեկավարները կը նշանակուին, այլ ոչ թէ կ՛ընտրուին ժողովուրդի ազատ կամարտայայտման միջոցով:
ՄԱԿի պաշտօնական գրութեան մէջ ներառուած Արցախի ԱԳ նախարարութեան յայտարարութիւնը, իր հերթին կը շեշտէ Հարաւային Կովկասը բաց ու ժողովրդավարական տարածաշրջան դարձնելու համար անհրաժեշտ բոլոր գործընթացներուն կառուցողական ու հետեւողական կերպով վերաբերելու կարեւորութիւնը, եւ կը յիշեցնէ Ատրպէյճանին, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման ու քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման դէմ բոլոր փորձերը ի սկզբանէ դատապարտուած են ձախողութեան: