
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Երեւանի մէջ այսօր կը բնակին 100 եւ աւելի տարեկան 24 քաղաքացիներ, որոնք, Երեւանի քաղաքապետարանին եւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) համատեղ հասարակական աջակցութեան շարժումին ծիրէն ներս, դրամական օգնութիւն եւ նուէրներ ստացած են: Այս մասին կը յայտնեն քաղաքապետարանէն:
Երեւան քաղաքի աւագանիի ՀՀԿ խմբակցութեան անդամ Նաիրա Նահապետեան ըսած է, որ քաղաքապետարանը Երեւանի տարեց քաղաքացիներու, վեթերաններու եւ նիւթապէս անապահով ընտանիքներու համար ծրագրած է եւ արդէն կ՛իրականացնէ նաեւ գոյքահարկի զիջումներ: