
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2012ի Սեպտեմբեր 2-9ին Իսրայէլի մէջ կայանալիք Ոստիկաններու միջազգային ընկերակցութեան գագաթնաժողովին՝ Հայաստանի լիիրաւ անդամակցութեան հարցը ջղա-գրգրութիւն յառաջացուցած է Թուրքիոյ մէջ:
Հոկտեմբեր 14ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, ոստիկանութեան գնդապետ Գրիշա Սարգսեան յայտնեց, թէ հակառակ Թուրքիոյ յարձակողական պահուածքին, Հայաստանին սատարած են ԱՄՆի, Ֆրանսայի ու Իսրայէլի ընկերակցութիւններու ղեկավարները:
Գ. Սարգսեան փոխանցեց խօսքը Իսրայէլի Ոստիկանական ընկերակցութեան ղեկավարին խօսքը, թէ՝ թուրքերը եթէ այդքա՛ն վրդոված են, ապա կրնան յաջորդ տարի մեկնիլ Իսրայէլ ու անձամբ դէմ քուէարկել Հայաստանի: Նշենք, որ Թուրքիան յայտարարած է, թէ Հայաստանը թշնամի երկիր է, եւ իրենք գրաւոր զեկոյց պիտի ներկայացնեն Իսրայէլի գագաթնաժողովին չմասնակցելու շուրջ:
Ըստ գնդապետին Սարգսեանի, Ոստիկաններու միջազգային ընկերակցութեան Հայաստանի անդամակցութիւնը նաեւ թոյլ պիտի տայ իրաւական աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանի քաղաքացիներուն՝ այն երկիրներուն մէջ, «որոնց հետ մենք դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունինք»:
«Սա լաւ հնարաւորութիւն է նաեւ Հայաստանը այլ երկրներին ճանաչելի դարձնելու համար: Հայաստանը դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունի 63 անդամ պետութիւններից միայն 24ի հետ», ըսաւ Գ. Սարգսեան