ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հաւատքի եւ վկայութեան պատմական օր մըն էր Փասատինայի մեր հաւատացեալ ժողովուրդի կեանքէն ներս, Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնի նախօրէին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծուխին եւ հայ համայնքին տրուած հովուապետական այցելութիւնը, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7ի երեկոյեան։
Եկեղեցւոյ մուտքին, վեհափառը, գաւազանակիր հայր սուրբը եւ կաթողիկոսին ընկերացող Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերու առաջնորդները՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Օշական արք. Չոլոյեան, դիմաւորուեցան Եփրեմ արք. Թապագեանի, Կորիւն արք. Պապեանի, միաբան վարդապետ հայրերու, եկեղեցական դասուն, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան, թեմի Ազգ. վարչութեան եւ միութենական ներկայացուցիչներու, բարերարներու, պետական անձնաւորութեանց՝ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի, Փասատինայի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ Ճին Մեսուտայի, ոստիկանապետ Ֆիլիփ Սանչեզի եւ բազմահարիւր հաւատացեալներու կողմէ։
Դպրաց եւ սարկաւագաց դասը, «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ եկեղեցի առաջնորդեց հայրապետական շքախումբը։ ՀՄԸՄի սկաուտներն ու արենոյշները պատուի կանգնած էին, իսկ թափօրին մաս կը կազմէին կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները։
Վեհափառի հանդիսապետութեամբ եւ հոգեւորականաց դասուն մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն ու Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց նուիրուած նախատօնակի արարողութիւն։ Արարողութեան աւարտին, վեհափառը պատգամ մը ուղղելով՝ վեր առաւ Թարգմանիչ վարդապետներուն մեզի կտակած մշակութային ժառանգութեան աւանդը ու հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը՝ հայ կեանքի հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային բնագաւառներէն ներս։ Նորին սրբութիւնը անդրադարձաւ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդուն մեղանչական բնութեան ժխտական անդրադարձներուն եւ Քրիստոսով վերանորոգեալ այն կեանքին, որ աստուածահաճոյ է եւ քրիստոսակեդրոն, որ մարդս կը մօտեցնէ Աստուծոյ։
«Եկեղեցին Քրիստոսի խորհրդական մարմինն է, մենք՝ անոր անդամները։ Եկեղեցւոյ գլուխը Քրիստոսն է, որ իմաստ, նպատակ, խորք եւ տեսիլք կու տայ մեր կեանքին, ժամանակաւորը եւ հունաւորը կը կամրջէ անհունին, կատարեալին ու Աստուծոյ։ Եկեղեցին նիւթական շէնք, կառոյց ըլլալէ անդին՝ հաւատացեալ ժողովուրդի հոգեւոր հաւաքականութիւն եւ ոգի է։ Հայ եկեղեցին իւրայատուկ է աշխարհի միւս բոլոր եկեղեցիներէն, որովհետեւ մենք կ՛օծենք եկեղեցւոյ բոլոր սիւներն ու սպասները. եկեղեցւոյ օծումով, մենք ալ որպէս հոգեւոր եկեղեցի, կը սրբանանք, փրկութեան ընթացքի մէջ կը մտնենք։ Մեր աստուածահաճոյ եւ ծառայական նուիրեալ կեանքով, երկրաւոր ա՛յս կեանքէն կը քալենք երկնային թագաւորութիւն։ Որպէս հաւատքի համայնք, եկեղեցւոյ անդամները իրարու կապողը, օղակողը Քրիստոս է, որ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, հաւատքի առաքելութեան ճամբով, կեանքի կը կոչէ աստուածաշնչական սկզբունքներն ու բարոյական արժէքները։ Հետեւաբար, հաւատքի եւ վկայութեան կեանքը՝ Խաչին խորհուրդով ապրիլ եւ Քրիստոսը ժողովուրդին տանիլ կը նշանակէ։ Եկեղեցին կը պայծառանայ ու կը շէննայ, երբ ժողովուրդ կայ։ Տեսէք Կիրակնօրեայ դպրոցի այս մանուկները. հաւատքով ու հոգիով թող մեծնան եկեղեցւոյ մէջ, նոյնիսկ եթէ աղմկեն կամ անհանդարտ ըլլան։ Եկեղեցին հայուն հոգեւոր տունն է, ու բանաստեղծին բառերով՝ «մեր հոգիի ծննդավայրն է»։ Երբ եկեղեցւոյ մէջ չկայ ժողովուրդ, ձեր զաւակները եկեղեցի չէք բերեր ու եկեղեցւոյ շունչով չէք դաստիարակեր. ի՞նչ իմաստ ունին շքեղ եկեղեցի եւ կառոյց ունենալը, երբ նստարանները դատարկ են, կամ՝ եկեղեցի կու գանք միայն պարագայաբար։ Եկեղեցի եկէք, եկեղեցւոյ կեանքին առաջնորդեցէք ձեր զաւակները, թող եկեղեցւոյ շուքին ներքեւ մեծնան, Աստուծոյ շնորհքով աճին ու մեր հայրերու շունչով հասակ առնեն, որպէսզի համայնական մեր կեանքին մէջ դրական եւ գործնական մասնակցութեամբ՝ օգտակար եւ հպարտութիւն առթող զաւակներ ըլլան, եկեղեցին ու ազգը պայծառացնեն»։
Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծխական համայնքի կեանքէն ներս վեհափառի օրհնաբեր այցելութիւնը, Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ու համայնական մեր կեանքին նուիրուելու հաւատքի հպարտառիթ նոր խայծ մը աւելցուց։ Վեհափառը իր ոգեշնչիչ պատգամով ո՛չ միայն առինքնեց մեր ժողովուրդը, այլեւ անդրադարձաւ Կիլիկիոյ Ս. աթոռին ու անոր նուիրեալ միաբանութեան աստուածահաճոյ առաքելութեան, նաեւ վեր առաւ այն եկեղեցանուէր եւ ժողովրդանուէր անփոխարինելի ծառայութիւնները, զորս ի սպաս կը դնեն մեր հայրենիքին, Ղարաբաղին եւ Սփիւռքի մեր ժողովուրդին, ու կը սատարեն հոգեւոր, ազգային կեանքի աճին ու զարգացման։
«Պահպանիչ» աղօթքով, «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգով եւ «Կիլիկիա» երգով վերջ գտաւ եկեղեցական արարողութիւնը, որմէ ետք, հաւատացեալ ժողովուրդը հերթով մօտեցաւ աջահամբոյրի՝ ստանալու համար վեհափառ հօր օրհնութիւնը։