ԷՋՄԻԱԾԻՆ, «Նիուզ».- Հոկտեմբեր 12ին, Մայր աթոռ սուրբ Էջմիածին այցելած են Հայաստանի գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող Օտարագիր հայ գրողներու չորրորդ համաժողովին մասնակիցները:
Մայր աթոռի դիւանապետ Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեան, ողջունելով տարբեր երկիրներէ ժամանած աւելի քան երեսուն գրողները՝ նշած է, որ արդէն աւանդոյթ դարձած է Օտարագիր հայ գրողներու համախմբումը Հայաստանի մէջ, ինչ որ կը նպաստէ գրողներու փոխճանաչման ու շփման գործին:
Հայ գրողներուն անունով, Լեւոն Անանեան իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար:
Հանդիպման ընթացքին սրբազանը պատասխանած է նաեւ հայ գրողները յուզող հարցերու, որոնք կ՛առնչուէին կրթական ոլորտին մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայ գործունէութեան, եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր անվտանգութեան ապահովման ուղղուած քայլերուն: