
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Վրացական իշխանութիւնները թոյլատրած են, որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանը այցելէ բանտ գտնուող ջաւախքահայ հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Վահագն Չախալեանին, որ Հոկտեմբեր 5էն ի վեր հացադուլի մէջ էր: Հոգեւոր առաջնորդին յորդորով, Հոկտեմբեր 11ին Չախալեան դադրեցուցած է հացադուլը:
Չորեքշաբթի, 12 Հոկտեմբերին, յատուկ հրաւիրուած ասուլիսի ընթացքին, «Երկիր» հասարակական կազմակերպութեան անդամ Ռոպերթ Թաթոյեան նշեց, որ Վահագն Չախալեան բանտին մէջ զրկուած էր մաքրութեան տարրական պայմաններէն, առգրաւուած են անոր գիրքերը, սահմանափակուած խանութէն գնումներ կատարելու հնարաւորութիւնը: Հարազատներուն հետ տեսակցելու հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի՝ ոչ անմիջական, բանտին մէջ գտնուած ամբողջ ընթացքին իր մանկահասակ երեխային հետ շփուելու համար Չախալեանին ընդամէնը 15 վայրկեան ժամանակ տրամադրուած է: Հարազատներուն հետ անոր հեռախօսակապը յաճախ կ՛ընդհատուի՝ կամ հեռաձայն չեն տրամադրեր: Կը սահմանափակեն հայ հոգեւորականի այցելութիւնը:
Վահագն Չախալեան հրաժարած է բանտային սնունդէն՝ պահանջելով, որ գոնէ տարրական պայմաններ ապահովուին, թոյլ տան հանդիպիլ կնոջ եւ երեխայի հետ:
Ասուլիսին ներկայ Չախալեանի փաստաբան Ստեփան Ոսկանեան նշեց, որ հացադուլէն վեց օր անց Չախալեանին տեսած է առոյգ, լաւ ինքնազգացողութեամբ, յաղթանակած մարդու տրամադրութեամբ: Բանտային իշխանութիւնները իրաւական առումով չեն արձանագրած Չախալեանի հացադուլի փաստը, դրսեւորուած է արհամարհական վերաբերմունք անոր հանդէպ:
Նշենք, որ Վահագն Չախալեան բողոք ներկայացուցած է վրաց իշխանութիւններուն դէմ՝ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարան: Բողոքի քննութիւնը ներկայիս ընթացքի մէջ է: