ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ խորհրդարանը Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5ին վաւերացուց որոշում մը, որուն հիմամբ Հիւսիսային Իրաքի մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ թրքական բանակի գործողութիւններուն ժամկէտը (Հոկտեմբեր 17) հերթական անգամ երկարաձգուեցաւ։
Որոշումին ի նպաստ քուէարկեց նաեւ ընդդիմութեան մէկ մասը, սակայն՝ ոչ քիւրտ երեսփոխաններ, որոնց պատկանող Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը, Յունիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք երկիրին օրէնսդիր մարմինին մէջ 36 երեսփոխաններ ունին։
Իրաքի սահմանակից շրջաններուն մէջ քիւրտ զինեալներուն դէմ թրքական բանակի գործողութիւնները նոր թափ ստացան Օգոստոսին։ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ որոշ ինքնավարութեան ձգտող քիւրտերու հետ բախումներուն պատճառով, 1980ական թուականներէն ի վեր քառասուն հազար զոհ արձանագրուած է։
Միւս կողմէ, հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստանի շրջանային կառավարութեան նախագահ Մասուտ Պարզանիի աշխատակազմին պետը ազդարարեց, թէ քիւրտ ապստամբներուն դէմ թրքական բանակի գործողութեանց ընդարձակումը բացասական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Թուրքիոյ եւ Քիւրտիստանի միջեւ յարաբերութիւններուն վրայ: