
ՕՍԼՕ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7ին, նորվեկիական Նոպէլեան յանձնախումբը յայտարարեց, թէ այս տարուան Խաղաղութեան մրցանակը պիտի շնորհէ մարդկային իրաւանց պաշտպան երեք կին գործիչներու, որոնք պայքարած են խաղաղութեան սիրոյն: Այս տարուան մրցանակակիրներն են՝ Եմէնի հակակառավարական ցոյցերու առաջնորդներէն Թաուաքոլ Քարման, պատերազմի ընթացքին բռնաբարումներու դէմ պայքարած լիպերիացի Լէյմա Կըպոուի եւ Ափրիկէի մէջ առաջին կին նախագահը դարձած Էլըն Ճանսըն Սըրլիֆ (Լիպերիա):
Մէկ օր առաջ, այս տարուան Նոպէլեան գրականութեան մրցանակը շնորհուած էր 80ամեայ շուէտացի բանաստեղծ Թոմաս Թրանսթրոմըրի: