ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Հերպըրթ Քվելէ ատրպեճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարատեւ կարգաւորումը կարելի է միայն միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ։
Ընդգծելով, որ Գերմանիա, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութիւնը շահագրգռուած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորումով՝ Քվելէ ըսած է. «Մենք միշտ զօրակցած ենք Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան։ Սակայն մենք պէտք է ընդունինք բանակցային հոլովոյթի ձեւաչափին փաստը՝ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը։ Ոչ ոք կ՛ուզէ խախտել այդ ձեւաչափը», ըսած է դեսպանը։