ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5ին յայտարարած է, թէ մինչեւ տարեվերջ, Ռուսիոյ միջնորդութեամբ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպում մը ծրագրուած չէ։
Ընդգծելով, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը աշխոյժ բանակցութիւններ կը վարէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ՝ Լուքաշեւիչ յայտնած է, թէ որոշ ժամանակ առաջ «Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի ընթացքին, համանախագահները (Մինսկի խմբակի) հանդիպումներ ունեցան երկու երկիրներու նախագահներուն հետ։ Այդ բոլորը կ՛ազդէ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերու ընթացքին վրայ»։