ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ ասորի փոքրամասնութիւնը վերջին քանի մը օրերուն իր զայրոյթը կ՛արտայայտէ կրթական նախարարութեան կողմէ պատրաստուած դասագիրքի մը մէջ ասորիներուն մասին գրուած բացասական ակնարկներուն դէմ:
10րդ դասարանի համար պատրաստուած դասագիրքին մէջ կը պնդուի, որ ասորիները 1915ին դաւաճանած էին երկրին։
Ասորիները կը պնդեն, որ այս տեղեկութիւնները սխալ են եւ երկրին մէջ ասորիներու դէմ թշնամական զգացումներ կը հրահրեն։
Դասագիրքին մէջ անհիմն կը համարուի այն պնդումը, թէ 1915ին ասորիներու դէմ եւս ցեղասպանութիւն գործադրուած է:
Կառավարական շրջանակներ, պատասխանելով ասորիներու բողոքին՝ խոստացած են քննել հարցը, եւ ի հարկին սրբագրութիւն կատարել: