ՍԻՄՖԵՐՈՓՈԼ, «Նիուզ».- Ուքրանիոյ Սիմֆերոփոլ քաղաքին մէջ, Սեպտեմբեր 24 եւ 25ին իրականացած է «Ուքրանիոյ հայերը. երէկ, այսօր, վաղը» խորագրեալ գիտաժողովը, որ նուիրուած էր Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1650ամեակին:
Ղրիմի մշակոյթի, արուեստներու եւ փոխադրամիջոցներու համալսարանի ղեկավար Օլեկ Գաբրիէլեան, Analitika.at.ua կայքին յայտնած է, թէ համաժողովին մասնակցած են, ոչ միայն տեղացի, այլ նաեւ օտար հայագէտներ:
Գիտաժողովը կազմակերպուած է Ուքրանիոյ Հայերու միութեան հայագիտութեան կեդրոնին կողմէ: