«Նիուզ».- Հոլանտայի մօտ ՀՀ դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան, Սեպտեմբեր 24ին այցելած է Ալմելօ քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցը, ուր տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին դպրոցին յանձնած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան կողմէ տրամադրուած ուսումնական դասագիրքեր, դասատետրեր եւ կրթական այլ նիւթեր:
Հանդիսաւոր արարողութենէն ետք դեսպանը դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ աշակերտական ծնողք-կոմիտէի անդամներուն հետ քննարկած է դպրոցին առջեւ ծառացած խնդիրներն ու անոնց յաղթահարման ուղիները: Դեսպանը հաւաստիացուցած է, որ դեսպանութիւնը միշտ պիտի աջակցի դպրոցին՝ ուսուցումը առաւել արդիւնաւէտ եւ բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար:
Նշենք, որ Ալմելոյի Հայկական կիրակնօրեայ դպրոցը Հոլանտայի մէջ ամենամեծն է եւ ունի շուրջ հարիւր սան: