
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Թերթ».- Հայաստանի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան հետ Նիւ Եորք մեկնած ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ռապըրթ Պրատթքիի եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են արցախեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին առնչուող հարցեր:
Զրոյցին ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան կրկին ընդգծած է, որ բանակցութիւններուն ընթացքին հնարաւոր է յառաջընթաց արձանագրել միայն այն պարագային, եթէ Ատրպէյճանը ետ վերցնէ այն տասը փոփոխութիւնները, որոնք ներկայացուցած են Քազանի մէջ:
Անդրադարձ եղած է նաեւ 27 Հոկտեմբեր 2010ի Աստրախանի գագաթնաժողովի սահմանային միջադէպերու հետաքննութեան վերաբերող պայմանաւորուածութեանց: