
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ոստիկանութիւնը Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբերին, Երեւանի Միասնիկեան պողոտային վրայ կատարուած յատուկ գործողութեամբ կասեցուցած է յանցախումբի մը նոր յանցագործութիւնը: ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան լրատուական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած աւազակային յարձակումներու դէպքերուն առթիւ, ՀՀ ոստիկանութիւնը իրականացուցած է յատուկ որոնողական եւ քննչական գործողութիւններ, որոնց շնորհիւ, Ուրբաթ առաւօտ վնասազերծուած է յանցաւոր խումբ մը: Կը կարծուի, որ այս յանցախումբը արդէն երկար ժամանակէ ի վեր կը գործէ եւ իրականացուցած է ծանր յանցագործութիւններ Երեւանի մէջ:
Յանցախումբը ձերբակալուած է նախքան իր ծրագրած նոր յանցագործութիւնը կատարելը: Յանցաւոր խումբի անդամները ոստիկանութեան աշխատակիցներուն ցոյց տուած են զինուած դիմադրութիւն: Ոստիկանութիւնը յայտնաբերած է եւ առգրաւած մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք: Ձերբակալուած է 13 անձ: Ոստիկաններուն դիմադրութիւն ցոյց տուած անձերէն մէկը՝ Գուրգէն Հայրապետեանը, փախուստի դիմելու պահուն ինկած եւ մահացած է: Հայրապետեան, (ածականը՝ «Եթում»), Ռուսիոյ մէջ կատարած աւազակային յարձակումի համար ձերբակալուած ու դատապարտուած է եօթը տարուան բանտարկութեան եւ պատիժը կրած է Հայաստանի մէջ: Ան անցեալ տարի դուրս եկած է բանտէն:
Դատախազութիւնը նաեւ տեղեկացուցած է, թէ տարբեր լրատուամիջոցներուն այն հրապարակումները, ըստ որոնց, յանցաւոր խումբին ձերբակալուած անդամները բարձրաստիճան տարբեր պաշտօնատար անձանց որդիներ են, իրականութեան չեն համապատասխաներ: