
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Օլաւ Թվէյթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբերին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն կ՛ուղեկցէր Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը:
Թվէյթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ծաղկեպսակ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին դիմաց, ապա յարգեց անոնց յիշատակը՝ անմար կրակին մօտ:
Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը: