ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Ռուբէն Հայրապետեան («Նեմեց Ռուբոն»), որ կը նկատուի Հայաստանի «օլիկարգ»ներէն մէկը, նպատակ չունի առաջադրուիլ 2012ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Հայրապետեան յայտնած է. «Մէկ անգամ չէ, որ ասել եմ՝ պատգամաւորական աթոռն իմ տեղը չէ: Ես պատրաստւում եմ հեռանալ քաղաքականութիւնից»: Հայրապետեան որոշած է իր ճիգերը կեդրոնացնել իր սեփական գործին ու ֆութպոլին վրայ:
Պատգամաւորը պատրաստակամութիւն յայտնած է իր լիազօրութիւնները անմիջապէս վար դնելու, սակայն, նկատի առնելով, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն շատ ժամանակ չէ մնացած՝ ան որոշած է առայժմս պահել իր պատգամաւորական կարգավիճակը:
Ռուբէն Հայրապետեան իշխող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր է: Ան մեծամասնական կարգով պատգամաւոր ընտրուած է երկու անգամ՝ 2003ին եւ 2007ին: