ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս.- Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Նիսի քաղաքապետ, Ալփ Մարիթիմի պատգամաւոր եւ Նիս-Քոթ տ՛Ազիւր միջհամայնքային միութեան նախագահ Քրիսթիան Էսթրոզիի հրաւէրով, Սեպտեմբեր 23ին մեկնեցաւ Նիս՝ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ:
Քաղաքապետը Նիսի մէջ ներկայ պիտի ըլլայ Հայաստանի Անկախութեան 20ամեակին առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ռուբէն Սեւակի յուշակոթողի բացման արարողութեան:
Երեւանն ու Նիսը 2007 Սեպտեմբերէն ի վեր քոյր քաղաքներ են: