
ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով, Զոհրապ Մնացականեան ազատուած է Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչի պարտականութիւններէն եւ նշանակուած է արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի նախկին տեղակալը՝ Կարինէ Ղազինեան, նշանակուած էր Մեծն Բրիտանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան: