
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մայրաքաղաքի Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանին մէջ, Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբերին, նախագահ Սերժ Սարգսեանի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ ժամանակակից չափանիշներու համապատասխանող հեծանուահրապարակին բացման արարողութիւնը:
Նոր հեծանուահրապարակին կառուցումը սկսած էր 2010ի Յունիսէն, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ «Ռենկօ Արմեստէյտ» ընկերութեան միջեւ կնքուած պայմանագիրին համաձայն:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հեծանուային մարզանքի զարգացման նպատակով կառուցուած նոր հեծանուահրապարակը՝ իտալական «Ռենկօ» ընկերութեան կողմէ, յագեցած է ժամանակակից սարքաւորումներով, անվտանգութեան համակարգով, ունի մարզասրահներ, բժշկական ստուգման սենեակ, մարզիչներու համար նախատեսուած գրասենեակ, նաեւ բացօթեայ ու 250 ինքնաշարժներու համար նախատեսուած կանգառ եւ այլ յարմարութիւններ:
«Ռենկօ» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ճիովաննի Ռուպինիի խօսքով, կառոյցը իր ճարտարապետական լուծումներով կը համապատասխանէ ընդունուած միջազգային բոլոր չափանիշներուն: Հրապարակը ունի 250 մեթր երկարութեամբ վազքուղի, որ կառուցուած եւ ծածկուած է բարձրորակ փայտով: