
ԱԹԷՆՔ.- Գանատաբնակ յունահայ բարերար Անդրանիկ Չաքալեան հայապահպանութեան գործին նկատմամբ բարձր զգայնութիւն ցուցաբերած է յաճախ: Վերջերս, ան մեծագումար նուիրատուութիւն մը կատարելով՝ նեցուկ կանգնեցաւ յունահայ հինգ կառոյցներու, հետեւեալ ձեւով.
Յունահայոց Ազգային առաջնորդարանին՝ 70,000 գանատական տոլար, որ պիտի յատկացուի ուսումնական ծրագիրներու.
ՀԿ Խաչի շրջանային վարչութեան՝ 60,000 տոլար,
Նէոս Քոզմոսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ՝ 60,000,
Գոքինիոյ հայկական ծերանոցին՝ 50,000, եւ
«Ազատ Օր»ի խմբագրութեան՝ 50,000 տոլար:
Անդրանիկ Չաքալեան Աթէնքի Ֆիքսի շրջանը բնակող բազմանդամ ընտանիքի մը զաւակը եղած է: Իր հօր ընտանիքը Յունաստան հաստատուող գաղթականական ալիքներուն հետ Աթէնք հասած էր: Ասպարէզով վաճառական իր հօր ուղին շարունակած է Անդրանիկը, իր փոքր տարիքէն:
Աշխատանքով յատկանշուած կեանք մը վերապահուած էր Անդրանիկ Չաքալեանին:
1956ին, իր քրոջ հետ Գանատա տեղափոխուած է՝ աւելի լաւ կեանք որոնելու փորձ մը կատարելով: Ան Մոնթրէալի մէջ յաջողապէս շարունակած է իր ասպարէզը, իւրաքանչիւր ամառ Յունաստան այցելելով: