
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Յովհաննէս Գրիգորեանի հաշուին այսօր փոխանցուել է 700,000 դրամ: Եւս 300,000 դրամ կը փոխանցուի Հոկտեմբերի 1ին», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբերին արձանագրած էր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, անուանի բանաստեղծին մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում եւ առողջութիւն:
Յիշեցնենք, որ «Ֆէյսպուք» հասարակական ցանցին վրայ բացուած է «Օգնենք Յովհաննէս Գրիգորեանին» էջը, որուն նպատակն է օգնութիւն հասցնել տաղանդաւոր բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեանին: Բանաստեղծը կը տառապի թոքի քաղցկեղէ, որուն վիրահատութիւնը կարելի է իրականացնել Գերմանիոյ մէջ. բուժման համար անհրաժեշտ է 50 հազար տոլար: