
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ազատ Արցախ».- «Ուիքիլիքս»ի հրապարակած ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան պատկանող գաղտնի փաստաթղթերէն մէկուն մէջ անդրադարձ եղած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ Երեւան-Անգարա մերձեցման գործընթացին նկատմամբ ունեցած ծայրաստիճան բացասական վերաբերմունքին ու կամակորութիւններուն:
Ապրիլ 7, 2009 թուագրուած փաստաթուղթին մէջ ներկայացուած են Պաքուի մէջ այն օրերու ԱՄՆ դեսպան Էնն Տերսիի եւ Ատրպէյճանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըճի միջեւ տեղի ուենցած հանդիպման մանրամասնութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին թուրք դեսպանը ամերիկեան կողմէն խնդրած է համոզել պաշտօնական Պաքուն, որ հայ-թրքական սահմանի բացումէն ետք Հայաստան շարունակէ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացը:
Հուլուսի Քըլըճ նշած է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները յստակ յայտարարած են, որ եթէ Թուրքիան սահմաններու բացման հարցին մէջ ուզէ ստանալ Պաքուի համաձայնութիւնը, ապա պէտք է Հայաստանէն պահանջէ ընդունիլ (մատրիտեան) հիմնարար սկզբունքները:
Մեկնաբանելով Իլհամ Ալիեւի՝ Պոլսոյ գագաթնաժողովին չմասնակցելու որոշումը՝ Քըլըճ զայն որակած է իբրեւ երկու երկիրներու միջեւ աճող հակամարտութիւն եւ Ատրպէյճանի անկախութեան պատմութեան ընթացքին ամէնէն խոր ճգնաժամ:
Այնուհետեւ, թուրք դեսպանը յոյս յայտնած է, թէ ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամայի անձնական միջամտութիւնը պիտի օգնէ որ սառեցումէն փրկուին թուրք-ատրպեճանական յարաբերութիւնները:
«Մենք կ՛ուզենք խնդիրը լուծել Հայաստանի հետ, սակայն ատիկա չի նշանակեր Ատրպէյճանի կորուստը: Մենք պէտք է հաւասարակշռութիւն գտնենք», ըսած է Քըլըճ:
Թուրք դեսպանը տեղեկացուցած է, որ հակառակ Օպամայի եւ Հիլըրի Քլինթընի հեռաձայններուն, Ալիեւ մերժած է Պոլիս երթալ: Ալիեւին հեռաձայնած են նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլա Կիւլն ու վարչապետ Էրտողանը: Սակայն բոլոր երաշխիքները այն մասին, թէ Թուրքիան պիտի չբանայ իր սահմանը այնքան ատեն որ չէ կարգաւորուած ղարաբաղեան հիմնախնդիրը, չեն կրցած համոզել Ալիեւը որ փոխէ իր որոշումն ու մեկնի Պոլիս:
Քըլըճ ուղղակի սարսափած է ատրպեճանական կողմի՝ բոլոր մակարդակներու հակազդեցութենէն: Պաքուի մէջ ապրող Թուրքիոյ քաղաքացիներն ալ բողոքած են ատրպէյճանցիներուն կողմէ իրենց հանդէպ ցուցաբերուած բացասական վերաբերմունքէն:
Հուլուսի Քըլըճ նաեւ նշած է, որ Ռուսիան, Իրանն ու Հայաստանը Թուրքիան կը մղեն հաշտեցման: Անոնք շահագրգռուած են թուրք-ատրպեճանական յարաբերութիւններու լարումով, ինչ որ կ՛ամրապնդէ Երեւանի, Մոսկուայի եւ Թեհրանի աշխարհաքաղաքական դիրքերը: Քըլըճ խնդրած է ճնշումներ գործադրել Հայաստանի վրայ եւ ԱՄՆի ու Եւրոպայի մէջ զսպել հայկական քաղաքական շրջանակներու ազդեցութիւնը:
Իր մեկնաբանութիւններուն մէջ դեսպան Էնն Տերսին գրած է, որ հանդիպման ընթացքին թուրք դեսպանին զեկուցած է Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած իր հանդիպման մանրամասնութիւններուն մասին: Ապրիլ 3ին, Տերսի եւ այդ օրերու ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի օգնական Մեթիու Պրայզա, Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ հայ-թրքական սահմանի հնարաւոր բացման լոյսին տակ քննարկած են թուրք-ատրպեճանական յարաբերութիւնները:
Տերսին Ուաշինկթըն ուղարկած հեռագիրին մէջ գրած է, թէ Քլինթընի կողմէ ուղարկուած Պրայզան հանդիպման ընթացքին վստահեցուցած է Ալիեւին, թէ Ուաշինկթըն կը ձգտի հայ-թրքական սահմանի բացումին զուգահեռ, տեսնել ղարաբաղեան հիմնախնդիրի առաջընթաց: Պրայզան նաեւ նշած է, որ նախագահ Օպամա կ՛ուզէ Պոլիսի մէջ հանդիպիլ Ալիեւի հետ:
Պրայզայի խօսքերուն Ալիեւ պատասխանած է Անգարայի հասցէին երկար քննադատութեամբ մը եւ Թուրքիան ներկայացուցած է իբրեւ «խաբեբայ եւ դաւաճան»:
«Մեր միտքէն երբեք չէ ացնած, որ Թուրքիան մեզ այդքա՛ն աժան կրնայ վաճառել: Նախագահ Կիւլը խոստացած էր ինծի, որ առանց ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման, սահմանները պիտի չբացուին: Ան ստած է եւ ես անոր այլեւս չեմ հաւատար», ըսած է Ալիեւ:
Այնուհետեւ Իլհամ Ալիեւ ամերիկացի դիւանագէտներուն պատմած է Էրտողանի յանձնարարականով Թուրքիոյ այդ օրերու արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճանի՝ Ատրպէյճան կատարած այցելութեան մասին, եւ որ վերջինս Պաքուին պէտք է համոզէր սահմաններու բացման կապակցութեամբ: Իր հերթին, Պաքուն Անգարա ուղարկած էր արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմովը՝ նոյն հարցին գծով համատեղ ռազմավարութիւն մշակելու համար: Սակայն Ազիմով Անգարայէն երկու անգամ ձեռնունայն վերադարձած է:
«Թուրքիա կը գործէ պատմական սխալ, որ երբեք չի մոռցուիր: Մեր յարաբերութիւնները երբե՛ք նախկինին պէս պիտի չըլլան: Մենք այլեւս մէկ ազգ չենք եւ երբե՛ք այդպէս պիտի չըլլանք», ըսած է Ալիեւ:
Ատրպէյճանի նախագահը ըսած է, որ դաւաճանութիւն կը նկատէ Կիւլի եւ Էրտողանի արարքները եւ անիմաստ կը գտնէ նման պայմաններու տակ Պոլիս այցելել: