ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Անկախութեան 20րդ տարեդարձի ձեռնարկները կազմակերպող յանձնաժողովին նիստը:
Նիստին ընթացքին զեկուցուեցաւ կազմակերպուած ձեռնարկներուն մասին, որոնց ծիրէն ներս, Սեպտեմբեր 21ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ տօնական զօրահանդէս, իսկ երեկոյեան՝ դասական երաժշտութեան համերգ:
ՀՀ Անկախութեան օրը «Հայաստանը դու ես» կարգախօսով համերգներ եւ Հայաստանի անկախութիւնը նկարագրող ցուցահանդէսներ տեղի պիտի ունենան Երեւանի բոլոր թաղամասերուն եւ մարզերուն մէջ:
Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի հանրապետական մաղթանք՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հանդիսապետութեամբ: Տօնին կապակցութեամբ, Երեւանի ճարտարապետական նշանակութիւն ունեցող շէնքերը պիտի լուսաւորուին գեղարուեստականօրէն: