ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Քրեսենթա հովիտի Հայց. եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Սեպտեմբեր 25ին, կ.ե. ժամը 1էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ «Կլենտէյլի հայ աշակերտութեան եւ ծնողներու ընծայուած կրթական առիթները» նիւթով քննարկում մը, որուն պիտի մասնակցին Կլենտէյլ քաղաքի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Կրեկ Գրիգորեան, անոր պաշտօնակից Նայիրի Նահապետեան եւ նոյն կրթաշրջանի ուսումնական հարցերու վերահսկիչի օգնական դոկտ. Կատարինէ Ֆունտուքեան:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ պատարագէն անմիջապէս ետք, առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (6252 Honolulu Ave., La Crescenta CA 91214):