ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Սուրիոյ մէջ ամիսներ շարունակ ընթացող զանգուածային խռովութիւններուն հայ համայնքը պէտք է շարունակէ չէզոքութիւն պահպանել, յայտնեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:
Ըստ Ռուստամեանի Հայաստան պէտք չէ միջամտէ պետութիւններու ներքին գործերուն: «Սակայն մենք այնտեղ համայնք ունենք եւ բնականաբար անհանգստացած ենք իրավիճակով, եւ մեր համայնքի խնդիրը պէտք է լինի օր առաջ ներքաղաքական կայունութեան հաստատումը: Մեր համայնքն էլ այդ ուղղութեամբ պէտք է գործի, որեւէ կողմի հետ չնոյնականանալով, որովհետեւ դա պէտք է բխի ընդհանուր սիրիական ժողովրդի շահերից», նշեց Ռուստամեան:
Ըստ Ռուստամեանի, չէզոքութիւն պահպանելը լաւագոյն դիրքորոշումն է:
«Հայ համայնքը պէտք է առաջնորդուի սիրիացի ժողովրդի գերակայ շահերով: Դա պէտք է արձանագրուի եւ այդ գերակայ շահերի համար համայնքը պէտք է իր նպաստը բերի, նպաստի, որ հակամարտութիւնները կարգաւորուեն, դրական դեր ունենայ ներքին կեանքը նորմալ հունի բերելու հարցում», նշեց Ռուստամեան: