ՄՈՍԿՈՒԱ.- Աշխարհահռչակ երգիչ, Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուր դարձած է Ֆրանսայի նախագահական պալատին ձէթի գլխաւոր մատակարարներէն մէկը, կը գրէ «Իզվեսթիա» թերթը, որովհետեւ պալատին խոհարարը կ՛օգտագործէ անոր ձիթապտուղին ձէթը, որ կու գայ երգիչին ոչ այնքան մեծ այգիէն:
Նշելով, որ Ազնաւուր իր նախասիրութիւնը վերածած է եկամտաբեր նախաձեռնութեան մը՝ թերթը կը գրէ. «Անցեալ տարի Ազնաւուրի այգին արտադրած է 5 հազար լիթր ձէթ, որ բժիշկներու կարծիքով, ունի շատ բուժիչ յատկութիւններ: Ազնաւուրը իր «էլիքսիր»ը սկսաւ մատակարարելու Փարիզի լաւագոյն ճաշարաններուն, իսկ ապա՝ նախագահի նստավայրին»:
«Ես մօտ հազար ծառ ունիմ: Կը խնամեմ զանոնք այնպէս, ինչպէս վարդերը: Սակայն ձիթապտուղին օգուտը աւելի շատ է», հպարտութեամբ կ՛ըսէ Ազնաւուր:
Թերթը կ՛աւելցնէ, թէ սոյն ձէթին պահանջքը կ՛աճի ոչ միայն Ֆրանսայի մէջ, այլ նաեւ տարբեր երկիրներու մէջ: Այդ պատճառով ալ, Ազնաւուր որոշած է ընդարձակել անոր արտադրութիւնը: