ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ
Արաբական երկիրներուն մէջ քրիստոնեաները զերծ չմնացին տեղի ունեցող ժողովրդային շարժումներէն եւ քաղաքական ազատութիւն պահանջող «Արաբական գարուն»ի ազդեցութենէն. անոնք կը գտնուին անհետանալու աւելի՛ վտանգուած վիճակի մէջ յայտնուելու հնարաւորութեան դիմաց:
Արագ կշռոյթով սլացող վարակիչ «Արաբական գարուն»ի սպառնացող վտանգը կը կայանայ իսլամական մեծամասնութեան հանգամանքին մէջ, որ կրնայ գերիշխել որպէս «եղբայրներու», «սելեֆիներու» կա՛մ «Քայիտայ»ջ բնոյթով: Այդ պատճառով ոմանք «Արաբական գարունը» կոչեցին «Արաբական իսլամական գարուն»:
Արաբական շրջանակներու մէջ կը շրջին հարցադրումներ, թէ արդէօք «Արաբական գարուն»ն ու յեղափոխութիւնները պիտի կարողանա՞ն քաղաքացիական ազատ պետութիւն հիմնել, որուն մէջ բոլորը ընդգրկուած ըլլան:
Եգիպտոսի մէջ բողոքներու ընդհանուր պատկերը ցոյց տուաւ կրօնական փոքրամասնութիւններու նոր դարաշրջանի մը մէջ յայտնուելու տարբերակը: Յիշենք, որ Եգիպտոսի մէջ քրիստոնեաները կը կազմեն ընդհանուր բնակչութեան 10 առ հարիւրը, իսկ արաբական միւս երկիրներուն մէջ՝ 5 առ հարիւրը:
Սատտամ Հիւսէյնի օրով ալ Իրաքի մէջ 1.5 միլիոն քրիստոնեաներ կ՛ապրէին, իսկ 2003էն ասդին իսլամական զինեալներու յարձակումներուն պատճառով թիւը կիսով նուազած է:
Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ անոնց կարգին՝ հայկական գաղութներուն դիմագրաւած երկուութիւնը այն է, որ «Արաբական գարուն»ի մարտահրաւէր դարձած բռնատիրական վարչակարգերը ընդհանուր առմամբ զիրենք կը պաշտպանէր իսլամական որեւէ ալիքէ:
Ըստ Արեւմուտքի որոշ մասնագէտներու, նոյնիսկ եթէ իսլամական վարչակարգի յառաջացումը յաջող տարբերակ մը չէ, սակայն քրիստոնեայ ընկերութիւններու գոյութիւնը վտանգուած է արաբական աշխարհին մէջ, ինչ որ կրնայ իսլամականները քաջալերել մշակութային պատերազմի մը:
Վերջին շրջանին մտաւորական շրջանակներու մէջ կը բարձրանան այն հարցադրումները, թէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները «Արաբական գարուն»ի գինը՞ պիտի վճարեն: Միւս կողմէ՝ մտավախութիւն կը յառաջանայ «Արաբական գարուն»էն ետք Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ճակատագրի մասին, այն մեկնակէտէն, թէ քրիստոնեաները աւելի նուազ առիթ ունին, օրինակ, Եգիպտոսի մէջ ընտրութիւններու մրցակցութեան մասնակցելու: Նման պարագայի դիմաց քրիստոնեաները աւելի գրաւիչ առիթ փնտռելու կը դիմեն:
Արաբ կարգ մը վերլուծաբաններու համաձայն, Միջին Արեւելքի մէջ ծնունդ առած քրիստոնեաներուն մեկնումի եւ պարպումի վտանգին դիմաց կը գտնուի շրջանը:
Դառն իրականութիւնը այն է, որ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները անմասն չեն այդ մտավախութենէն եւ, ինչո՞ւ չէ, այդ իրականութենէն:
Հաստատենք, որ արաբական երկիրներուն մէջ հայկական գաղութները ներքին քաղաքական կեանք չեն ունեցած, բացառութեամբ՝ Լիբանանի: Անոնք միշտ ընտրած են «դրական չէզոք»ի դիրքը: Այսօր հասարակական շերտերը անհանգիստ են: Անշուշտ հարցերը կրնան զարգանալ, երբ կը սաստկանայ ապահովութեան սպառնացող անշօշափելի վտանգը:
Մէկ խօսքով, պէտք է փորձել նուազագոյն վնասով դուրս գալ «Գարունէն»: Յանկարծ «Արաբական գարուն»ը Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու կամ «Սփիւռքի ձմեռ» չբերէ:
Իրողութիւնը ցոյց կու տայ, որ «Արաբական գարուն»ը կ՛ընդգրկէ՝ բարենորոգումներ, խօսքի եւ մամուլի ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն, ընտրութիւններ, յեղափոխութիւն եւ քաղաքացիութեան հարցեր: Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները անպայմանօրէն մաս պիտի կազմեն այդ հոլովոյթին՝ դիմագրաւելով նաեւ ազգային փոքրամասնութիւններու խնդիրները, որոնց մէջ գերակշռողը այսօր այդ երկիրներուն մէջ մշակութային հաւասարակշռութիւնը պահելն է:
Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները այսօր կրկնակի դիտարկումներու դիմաց են. նախ՝ օգտուիլ առիթէն, օգտուիլ «Գարունէն», եթէ ոչ քաղաքական, ապա՝ հասարակական գետնի վրայ: Ապա, ի հարկէ, «Արաբական գարուն»էն ետք Միջին Արեւելքի մէջ հայկական գաղութներու գոյութեան խնդիրներ, կազմակերպուածութիւն եւ նոր հայեացք ու նոր վարքագիծ՝ սփիւռքահայ կեանքին հանդէպ: